«Տեսայ Լաւ Մարդիկ, Բարի Աշխատանք, Բարեւս Տուի, Անցայ Գնացի…»

ԾԱՒԻ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Վա՜յ, բան մը յիշեցուցիր:

Ի՜նչ: Հաճիս պատմէ, պա՛պ: Միշտ կ՛ըսեմ տէտէին մասին ինչ որ միտքդ գայ, գրէ՛ կամ ինծի պատմէ՛:

Հա՛: Դուն մեր տունը կը յիշե՞ս: Չէ, չես տեսած դուն հին ձեւը: Ուրեմն տէտէն` պապաս, ամէն առտու կ՛արթննար, տանիք կ՛ելլէր, երկինք կը նայէր եւ «ղուրպան օլտում Ալլահը» կ՛ըսէր: Հահա: Կարծեմ ղուրպան եղեր եմ Աստուծոյ ըսել է: Նորէն ալ վստահ չեմ: Փառք տալու ձեւ մըն է…

«Ինչո՞ւ անհեթեթ» պիտի ըսես: Աջիդ` մանկութեան ընկերուհի մը, այնքան մօտիկ նստած, որ ձեր կօշիկները քիթ քիթի կը զարնուին յաճախ, վիզդ քիչ մը երկարած, ձախ երբ դառնաս` ժպիտը դէմքին մանկութեան ընկեր մը: Բոլորիդ դիմացն ալ Պուրճ Համուտի փողոցները: Ինչպէս որ են, ինչպէս որ միշտ եղած են: «Տէր Մելքոնեան» սրահէն կ՛ելլէք, հրապարակ կը հասնիք, եւ տակաւին փողոցի ելեկտրական թելերը գլխուդ վրայէն չեն անցնիր: Կը մնան դիմացդ, աչքերուդ առջեւ: Փողոցը կանգնած, ամրան արեւը հոն է անշուշտ, բայց չորս կողմդ մութ է, պատուհանները լաւ մը փակուած, մանկութեան ընկերուհիիդ կօշիկն ալ գրեթէ անտեսանելի դարձած: Պահ մը ելեկտրականութեան հոսանքը կը խզուի, հարազատ զգացում մը` պիտի ըսես, բայց այս անգամ մտքիդ հոսանքն է, որ անջատուած է, կէս ժամուան համար անկարող շրջագծելու, թէ ո՛ւր ես: Կամ աւելի ճիշդ` շփոթած, թէ ամէնէն լաւ ճանչցած փողոցներն ես…

Ելեկտրական երկաթէ վարագոյրները յամառօրէն քսուելով կը հեռանան, եւ կակուղ թաթիկդ կը փորձես զոյգել պաստառին, որպէսզի մանկութեան ու պատանեկութեանդ հետ դուրս գաս դէպի ծանօթ ամայութիւն: Սակայն կը մնաս, մանկութեան ընկերներով մէկ, իւրաքանչիւրը գիրկ առած իր արցունքով: Կաթիլներ, որոնք նման են գոյնով ու ձեւով եւ հասարակ են ներկաներու մեծամասնութեան: Աչքերը ջրոտած են ֆրանսական աթոռէ մը դիտուած յիշատակներով, կամ անծանօթ դէմքերու հարազատ ապրումներով:

Ֆրանսայի արեւը երբ կը յաջողի սրահ մտնել եւ աթոռ մը գտնել, շուրջդ կը նայիս եւ գիտես… նէնէիդ ո՛չ «եաւրում եաւրում» մը պիտի լսես, ո՛չ ալ կիսափլատակ ձեր պալատիկէն քար մը, որ ձայն առնէր եւ երգէր,  որ իրաւ է, իրա՛ւ է: Քսան տարի առաջ գերդաստանի մը երեխան էիր, որ գուրգուրանքի աւազաններով Պուրճ Համուտի տանիքները գոյութիւն ունեցած են, գոյութիւն ունին…

Կէս ժամուան սահմանափակումով երկու տարի առաջ շարուած ու մէկդի դրուած տողեր`

«որպէս մի ծաղիկ հողից դուրս ելան
կեանքին ժպտացին, անցան գնացին
աշխարհը որպէս մի քնքուշ երազ
աչքովնին տեսան անցան գնացին»

Պաստառը կը դառնայ պատուհան
սրահը օճախ
արեւմուտքի սլաքը վերջապէս շունչ մը կը քաշէ
սուրճի սեղանին շուրջ հաւաքուած
մարդկայինը կը նստի
մարտը կ՛անցնի
գեղեցիկ ապրիլը կը հասնի
տարազները կը թափթփին
խեղդող փողկապները ընկալող ձեռքերու պարող կտորներ
եւ հեռու աշխարհէն բարով կու գայ
գարնան կարապետ ծիծեռնակ
եւ իւրաքանչիւր հանդիսատեսի աթոռէն վերցնելով կը տանի իր բոյնը

Սրահ` Ալֆորվիլի Հայ մշակոյթի տուն (Ֆրանսա)
Սրահին դուռը բացաւ` Նորա Թաշճեան
Հեռու մօտիկ աշխարհ փոխադրեց` Հրայր Գալեմքէրեան
Պատուհանէն` Հայկական Ոստան
Ծիծեռնակներու երամ` Մեսրոպ Մաշտոց ակադեմիայի հարազատներ
Պատմեց` ներկայ մը հեռացած, ձեռքը դարձի նամա՞կ մը մնացած: