Հայկական աւանդական պար

Յ.Գ.- Աշակերտները պէտք է ունենան իրենց ամբողջական տարազը, ըլլան լուրջ եւ հետեւողական իրենց աշխատանքներուն եւ ներկայութեան մէջ։

ՁԵՒԱՉԱՓ

Դասերու տեւողութիւնն է՝ 1 ժամ, 1:15 ժամ կամ 1:30 ժամ, ըստ մակարդակի։

Աւանդական պարը ունի 14 խումբ, ըստ տարիքի՝ փոքրեր, պատանիներ, չափահասներ, տարեցներ։

Աշակերտները ամէն տարի կը ներկայացնեն իրենց աշխատանքը Ալֆորվիլի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցող տարեվերջի Կալային։

 Շուրջպարի դասընթացք՝ փոքրերու եւ չափահասներու համար։

ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐ՝

Քաթարինա Արզումանեան. – ուսուցիչ եւ պարուսոյց՝ 4-էն 9 տարեկան երկսեռ փոքրերու խումբերուն, չափահասներուն եւ տարեցներուն։

Լէա Աքէլեան. – պարուսոյց շաբաթօրեայ եւ Չորեքշաբթի օրուան աղջիկներու խումբերուն, ինչպէս նաեւ շուրջպարի աշխատանոցին։

Վարդան Ակուճեան.– տղոց խումբերու պարուսոյց: 

ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ՝

Չափահասներու եւ տարեցներու դասեր՝ Հինգշաբթի

Փոքրերու եւ պատանիներու դասեր՝ Չորեքշաբթի եւ Շաբաթ

Շուրջպարի դասեր՝ Չորեքշաբթի

ՏԱՐԻՔ՝

4 տարեկանէն սկսեալ (զարթնում)։