Դասի տեւողութիւնը մէկ ժամ է։
Կան դասաւանդման տարբեր մակարդակներ՝ նախակրթարան, միջնակարգ, երկրորդական եւ չափահասներու դասեր։
Բոլոր մակարդակները ընդունելի են՝ սկսնակ, միջակ, յառաջացած։
Մեր նպատակն է հասնիլ պաքալորիայի համազօր մակարդակի՝ սպասելով, որ հայերէնը պաքալորիայի մէջ որպէս ընտրելի նիւթ պատրաստելու կարելիութիւնը ստեղծուի մեր կեդրոնէն ներս։
2004-էն սկսեալ Ալֆորվիլի Հայ Մշակոյթի Տան մէջ հայերէնը կը դասաւանդուի նորարար ձեւերով՝ հիմնուելով նոր արհեստագիտութեան վրայ՝ համակարգչային դրութեամբ։
Նորութիւն
Արեւելահայերէնի եռամսեայ դրութեամբ դասընթացք՝
բանաւոր լեզուի ամրապնդում չափահասներու համար:
Վիլմա Գույումճեան Թաճիրեան
Սեւան Նազարեան Քիւրքճեան
Ծաւի Պիլալեան
Մարգխտա Սադոյեան
Չափահասներու դասեր՝ Երկուշաբթի, Երեքշաբթի
Նախակրթարանի դասեր՝ Չորեքշաբթի
Միջնակարգի, երկրորդականի եւ նախապաքալէօրիա դասեր՝ Շաբաթ
6 տարեկանէն սկսեալ։
Յ.Գ.- Աշակերտները պէտք է ունենան իրենց գրենական պիտոյքները եւ պէտք է լուրջ ու հետեւողական ըլլան իրենց աշխատանքներուն եւ ներկայութեան մէջ։