«Արմէն՛ Լիվր»-ի Յաջորդական Դասախօսութիւններու Շարքին Երրորդ Հանդիպումը

13 մարտին Հայ մշակոյթի տան «Սարգիս Մինասեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Արմէն’ լիվր»-ի յաջորդական դասախօսութիւններու շարքին երրորդ հանդիպումը: Լեզուաբան, Փարիզի ԻՆԱԼՔՕ համալսարանի հայագիտական բաժնի պատասխանատու Անահիտ Տօնապետեան-Տեմոփուլոսը ներկայացուց «Արեւմտահայերէնին ապագան. նպատա՞կ, միջոցնե՞ր, դերակատարնե՞ր» նիւթը:

Բացման խօսքով Հայ մշակոյթի տան տնօրէն Նորա Սարաֆեան-Թաշճեան հաստատեց,  թէ Տունը նոյնպէս իր մասնակցութիւնը բերած է արեւմտահայերէնի փոխանցման դերին: Արդարեւ, առաջին օրերէն իսկ Հայ մշակոյթի տան պատասխանատուները կազմակերպած են լեզուի եւ ինքնութեան դասընթացքներ, որոնք նախորդ սերունդներուն օգնած են պահպանելու իրենց կապը հայկական մշակոյթին հետ: Ան դիտել տուաւ, որ այսօր` չորրորդ սերունդի պայմաններուն մէջ, մարտահրաւէրները կը փոխուին,  լեզուի առօրեայ գործածութիւնը կը փոխակերպուի, ընկերային միջավայրերը կը բազմանան, իսկ նոր արհեստագիտութիւնը, ներառեալ` արհեստական բանականութիւնը, նոր կարելիութիւններ կը ստեղծեն լեզուն սորվելու եւ գործածելու համար:

Ն. Սարաֆեան-Թաշճեան դիտել տուաւ, որ «Արմէն’ լիվր» գիրքի ցուցահանդէսը նոյնպէս կարեւոր դեր կը խաղայ այս գործունէութեան մէջ: Հայ գիրքի ցուցահանդէս-վաճառքը ընթերցողներուն եւ հեղինակներուն անմիջական հանդիպման բացառիկ հարթակ մըն է, որ կը ստեղծէ երկխօսութեան, բացայայտման եւ լեզուի ու գրականութեան փոխանցման կենդանի միջավայր:

Ապա խօսք առաւ Անահիտ Տօնապետեան եւ իր ներկայացումին մէջ յիշեցուց, որ մինչեւ 1915-ի Հայոց ցեղասպանութիւնը արեւմտահայերէնը մշակութային բարձր կենսունակութիւն ունեցող լեզու մըն էր, սակայն 19-րդ դարուն ձեւաւորուած այս գրական լեզուն հայ ժողովուրդին իր բնօրրանէն հեռացումով դարձաւ հող չունեցող, ինչ որ պատճառ դարձաւ անոր խոցելի վիճակին եւ զայն անընդհատ պաշտպանելու ու պահպանելու անհրաժեշտութեան:

Ան դիտել տուաւ, որ սփիւռքի պայմաններուն մէջ, յատկապէս` Լիբանանի մէջ, արեւմտահայերէնի փոխանցումը յաճախ կեդրոնացած է գրուած լեզուին եւ անոր գրագիտական ուսուցման վրայ, աւելցնելով, որ այս մօտեցումը նպաստած է լեզուի պահպանման, բայց եւ այնպէս, ան երբեմն մէկ կողմ դրած է բանաւոր, ժողովրդական կամ բարբառային գործածութիւնները, որոնք լեզուի կենսունակութեան հիմնական տարրերէն են:

Տօնապետեան շեշտեց, որ արեւմտահայերէնի նման փոքրամասնութիւն կազմող լեզուի պահպանումը եւ փոխանցումը կը պահանջեն հաւասարակշռութիւն աւանդութեան եւ նորարարութեան միջեւ` կառուցուած ուսուցման եւ առօրեայ գործածութեան միջեւ, դիտել տալով, որ արեւմտահայերէնի ապագան եւ զայն ապագայ սերունդներուն փոխանցելը կը մնայ հիմնական հարց:

Աւարտին դասախօսը մատնանշեց քանի մը գործնական ուղղութիւններ` արեւմտահայերէնի փոխանցումն ու կենսունակութիւնը ամրապնդելու համար: Առաջին հերթին անհրաժեշտ է խրախուսել լեզուի ուսուցումը եւ մանաւանդ բանաւոր գործածութիւնը` փոքր տարիքէն: Գրական լեզուին ուսուցումէն անդին` պէտք է ստեղծել այնպիսի միջավայրեր, ուր հայերէնը բնական կերպով կը գործածուի, զարգացնել ժամանակակից մանկավարժական միջոցներ:

Ան կարեւոր նկատեց նաեւ արեւմտահայերէնով մշակութային նախաձեռնութիւններու խրախուսումը` լեզուն կենդանի պահելու համար, որովհետեւ գրականութիւնը, թատրոնը, երաժշտութիւնը, լրատուամիջոցները եւ ժամանակակից ստեղծագործական նախաձեռնութիւնները կը նպաստեն լեզուի կենսունակութեան եւ կը դարձնեն զայն աւելի գրաւիչ երիտասարդ սերունդներուն համար:

Այս ծիրին մէջ դասախօսը անդրադարձաւ նաեւ սփիւռքի տարբեր համայնքներուն միջեւ համագործակցութեան կարեւորութեան:

Աւարտին Անահիտ Տօնապետեան շեշտեց, որ արեւմտահայերէնի պահպանումը եւ փոխանցումը կը պահանջեն  հաւասարակշռութիւն աւանդութեան եւ նորարարութեան միջեւ` պահպանել գրական լեզուի հարստութիւնը, միեւնոյն ժամանակ արժեւորելով բանաւոր գործածութիւնները եւ լեզուական արտայայտութեան նոր ձեւերը:

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ