Մեր մասին

Առաքելութիւն

Հայ Մշակոյթի Տունը կարեւոր դեր ունի Ֆրանսայի մէջ՝ ուսուցման, հայկական մշակոյթի եւ ընդհանրապէս մշակոյթի զարգացման եւ տարածման, կապեր հաստատելու ջատագովը ըլլալու խոր կամեցողութեամբ։
Հայկական մշակոյթի յարակցութեան եւ տեւողականութեան խորհրդանիշ, Հայ Մշակոյթի Տունը կեանքի վայր մըն է, որ կը միացնէ սերունդները նորարար ձեւով տարբեր ձեռնարկներու ընդմէջէն եւ մշակութային հարուստ նուէր մըն է, որ կը միտի հայկական մշակոյթը տարածել՝ այսօր եւ վաղը։
50 տարիէ ի վեր, Հայ Մշակոյթի Տունը տեսած է մեծնալն ու զուարթանալը հայկական ծագում ունեցող բազմաթիւ ֆրանսացի սերունդներու, մանուկ տարիքէն՝ աշակերտ, կամ աւելի ուշ, չափահաս տարիքին։

Փոքրեր, ծնողներ, նախկիններ, կամաւորներ, համակիրներ…, բոլոր անոնց համար, որոնք իր դուռը հրած են, Հայ Մշակոյթի Տունը եղած է կենդանի, ջերմ, միացնող վայր մը, առասպելական փեթակ մը, որ առիթ ընձեռած է մշակելու՝ իրենց զոյգ ինքնութիւններու հետ կապը, տաղանդաւորներու հետ հանդիպումը, գաղափարներու արծարծումը, ժամանակ անցընելու անոնց հետ, որոնք իրենց համար արժէքաւոր եղած են անցեալին, են՝ ներկայիս եւ պիտի ըլլան ապագայի մնայուն վերաբերութեան մէջ։

Հայ Մշակոյթի Տան դուռը հրել, կը նշանակէ նաեւ բացուիլ տեղական, նահանգային, ամբողջ Ֆրանսայի եւ նաեւ համաշխարհային ցանցերու՝ Միջին Արեւելքի հետ , Հայաստանի եւ բոլոր երկիրներուն հետ, ուր այսօր հայեր կ՚ապրին։ Առիթ մըն է ներկայ գտնուելու զանազան գործունէութեանց՝ երգահանդէսներու, նուագահանդէսներու, դասախօսութիւններու, գեղարուեստի ցուցադրութիւններու, գիրքերու ներկայացման, այլազան եւ զանազան աշխատանոցներու։

«Կը բաւէ որ երկու հայ իրարու հանդիպին, ստեղծելու համար նոր Հայաստան մը»։
Ուիլիամ Սարոյեան

Պատմական

Պատմութեան հանդէպ պարտականութիւն մը

1915-ի Ցեղասպանութենէն եւ ժամանակակից Թուրքիոյ ստեղծումէն ետք, տասնեակ հազարաւոր հայ գաղթականներ կը հասնին Ֆրանսա։ Փարիզի հարաւ-արեւելքը, Ալֆորվիլի հայկական համայնքը կը ձեւաւորուի 1920-ական թուականներուն։ Հասնելէն անմիջապէս ետք անոնք գործի կը լծուին, հիմը դնելու զօրաւոր կռուանի մը՝ իրենց աւանդութիւններուն, լեզուին եւ մշակոյթի պահպանման։

Ցեղասպանութենէն ժառանգուած բնաջնջման անձկութեան վրայ ժամանակի ընթացքին կ՚աւելնայ ֆրանսական ընկերութեան մէջ մերուելու մտահոգութիւնը։ Այդ նպատակով 6 Յունուար 1970-ին կը հիմնուի «Ալֆորվիլի Հայկական Մշակոյթի եւ Արուեստի Տան Ընկերակցութիւնը»։ Ներկայ կառոյցի բացումը կը կատարուի Հոկտեմբեր 1976-ին, զօրակցութեամբ Ալֆորվիլի քաղաքապետ եւ հայկական հարցի մեծ ջատագով Ժոզէֆ Ֆրանչէսքիի եւ անոր երկրորդ բաժինը՝ 2005-ին։

Ալֆորվիլի Հայ Մշակոյթի Տուն

Contact

Adresse
9, rue de Madrid
94140 Alfortville

Télephone
01 43 76 55 89
07 45 26 54 53

© 2025  MCA Alfortville   |  Ալֆորվիլի Հայ Մշակոյթի Տուն