Արձանագրութիւն

Հայ Մշակոյթի Տան վերամուտ 2024-2025

Այս վերամուտին համար, Հայ Մշակոյթի Տունը ձեզի կ՚առաջարկէ հետեւեալները.-

Հայերէն՝ սկսնակէն մինչեւ յառաջացած, նախակրթարան, միջնակարգ, երկրորդական, նախապաքալէօրիա, չափահաս եւ դասերու օգնութիւն։

Աւանդական պար՝ տղոց եւ աղջիկներու համար 4 տարեկանէն սկսեալ, պատանիներ, չափահասներ եւ տարեցներ։

Դասական երաժշտութիւն՝ դաշնամուր, կիթառ եւ աւանդական՝ տըհոլ, տուտուկ, փլուլ, շվի, զուռնա եւ քամանչա

Ձեռարուեստի դասեր (նկարչութիւն, գծագրութիւն)

Ճատրակ

Քոնկ Ֆու եւ Թայ Չի՝ դասաւանդութիւնը հայերէնով

Թատրոն՝ փոքրերու, պատանիներու եւ չափահասներու

Լրագրողական աշխատանոց՝ հայերէնով ամիսը մէկ անգամ

Քոչարիի աշխատանոց՝ ամիսը երկու անգամ

Կից կը գտնէք նաեւ 2024-2025-ի ամբողջական պրակը եւ վերամուտի գործունէութիւններու ցուցակը։

1) Արձանագրութեան թուղթ

-Նոր անդամագրութեան համար ՄԻԱՅՆ.- տպել եւ ամբողջացնել արձանագրութեան կցեալ թուղթը։ Ընտրել եւ տպել փոքրիկին թղթածրարը (մինչեւ 18 տարեկան), կամ չափահասին, տպել եւ ամբողջացնել ընթեռնելի ձեւով։

-2023-2024-ի անդամներուն համար արձանագրութեան թուղթը արդէն Մշակոյթի Տան մէջ նախալրացուած է։ 

Նախապէս անդամագրուածներուն համար բաւարար է առնել ու ստուգել նշեալ թուղթը եւ ստորագրել։

2) Առողջութեան վերաբերեալ երկկողմ հարցարան՝ պարի, Քոնկ Ֆուի կամ Թայ Չիի բոլոր աշակերտներուն համար (նոյն թղթածրարը փոքրերու եւ չափահասներուն համար), տպել եւ ամբողջացնել 2024-2025 տարեշրջանին համար (ամբողջացնել ամէն տարի)։

3) Անձնաթուղթի նկար՝ բոլոր անդամներուն համար պարտադիր

4) Վճարում՝ կանխիկ կամ քանի մը վճարագիրներով, մինչեւ տարեվերջ վճարելի։ Առանց վճարումի թղթածրարը ամբողջական չի համարուիր։

Կից կը գտնէք նաեւ ներքին կանոնագիրը, ինչպէս նաեւ պարի հագուստներու ցանկը, վերամուտին ունենալու պայմանով։

Ձեր տրամադրութեան տակ կը մնանք ել-գիրով, կամ հեռաձայնի միջոցով, սպասելով ձեր ներկայութեան, մեր կառոյցէն ներս։

Դասերը պիտի սկսին Երկուշաբթի, 16 Սեպտեմբեր 2024-ին։

Ալֆորվիլի Հայ Մշակոյթի Տուն

Contact

Adresse
9, rue de Madrid
94140 Alfortville

Télephone
01 43 76 55 89
07 45 26 54 53

© 2025  MCA Alfortville   |  Ալֆորվիլի Հայ Մշակոյթի Տուն