Կիթառ

ԲԱՆՈՒՄ

Դասապահերը կ՚ընդգրկեն 30 վայրկեան կիթառ եւ 40 վայրկեան սոլֆէժ (խազերգութիւն) պարտադիր։

Ուսուցման տարբեր մակարդակներն են՝ Ծանօթացում 1եւ 2, Սկսնակ 1 եւ 2 

Պատրաստական (առաջին շրջանի աւարտի վկայական), Նախնական 1 եւ 2, Միջակ 1 եւ 2 եւ Ուսման աւարտի վկայագիր։

Աշակերտները ամէն տարի նուագահանդէսով մը կը ներկայացնեն իրենց աշխատանքը, Ալֆորվիլի 148 նուագահանդէսի սրահէն ներս։

Իւրաքանչիւր դպրոցական տարեշրջանի աւարտին, անոնք կը ներկայանան արտաքին դատակազմի մը դիմաց իրենց մակարդակի քննութիւնը անցընելու նպատակով։

ՈՒՍՈՒՑԻՉ՝

Կարէն Աճամեան

ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ՝

Կիթառի դասեր՝ Երեքշաբթի, Չորեքշաբթի
Սոլֆէժի դասեր՝ Շաբաթ

ՏԱՐԻՔ

5 տարեկանէն սկսեալ։

Յ.Գ.- Աշակերտները պէտք է ըլլան լուրջ եւ հետեւող իրենց աշխատանքներուն եւ ներկայութեան մէջ։