Դասապահերը կ՚ընդգրկեն 30 վայրկեան տուտուկ (կամ շվի կամ փլուլ կամ զուռնա) եւ 40 վայրկեան սոլֆէժ (խազերգութիւն) պարտադիր։
Ուսուցման տարբեր մակարդակներն են՝ Ծանօթացում 1 եւ 2, Սկսնակ 1 եւ 2
Պատրաստական 1 եւ 2 (առաջին շրջանի աւարտի վկայական), Նախնական 1 եւ 2, Միջակ 1 եւ 2 եւ Ուսման աւարտի վկայագիր։
Աշակերտները ամէն տարի նուագահանդէսով մը կը ներկայացնեն իրենց աշխատանքը, Ալֆորվիլի 148 նուագահանդէսի սրահէն ներս,
l’ile aux Cointre-ի «ՖեսթիվՀայ»ին եւ յառաջացած աշակերտները տարեվերջի Կալային, որ կը կայանայ Ալֆորվիլի հանդէսներու սրահէն ներս։
Իւրաքանչիւր դպրոցական տարեշրջանի աւարտին, անոնք կը ներկայանան արտաքին դատակազմի մը դիմաց իրենց մակարդակի քննութիւնը անցընելու նպատակով։
Արթիում Մինասեան
Դասեր՝ Երկուշաբթի
Սոլֆէժի դասեր՝ Շաբաթ
10 տարեկանէն սկսեալ։
Յ.Գ.- Աշակերտները պէտք է ըլլան լուրջ եւ հետեւող իրենց աշխատանքներուն եւ ներկայութեան մէջ։